2011-07-13 13:23:13

Լենա Քէլէքեան ` Ողիմպիական Արուեստագէտներու Միութեան Նախագահ։


Լիբանանահայ նշանաւոր արուեստագէտ (սրբազան արարկաներու նկարիչ,եւ որմանկարիչ) Լենա Քէլէքեան ընտրուեցաւ Ողիմպիական արուեստագէտներու միութեան նախագահ` միաձայնութեամբ եւ առաջին ընտրութենէն, որ տեղի ունեցաւ Վենետիկի մէջ: Քէլէքեանի այս ընտրութիւնը մեծ պատիւ է Լիբանանի եւ հայութեան, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանան այս միութեան, որուն անդամ են 81 պետութիւններ, նախագահութեան կ՛արժանանայ: Լիբանանահայ արուեստագէտը արդէն իսկ ստանձնեց իր պատասխանատուութիւնները իբրեւ նախագահ:
Նշենք, որ այս միութեան անդամ են 2008-ի Ողիմպիական խաղերուն մրցանակներու տիրացած արուեստագէտները: Այդ թուականին Քէլէքեան արժանացաւ ոսկեայ մետալին եւ Ողիմպիական ջահին, որովհետեւ իր ստեղծագործութիւնը արժանացաւ բոլորին գնահատանքին եւ մրցանակ շահեցաւ: Այդ պաստառով Քէլէքեան ներկայացուցած էր Լիբանանը:
Լենա Քէլէքեան այս առիթով յայտնեց, որ իր աշխատանքներուն առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ Ողիմպիական արուեստագէտներու ցուցահանդէս կայացնել Լիբանանի մէջ ընթացիկ տարուան ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.